2016-11-21 10:23:00

Բանակցութիւններու նոր փուլ` նուիրուած կիպրոսի տագնապի լուծման:


Երէկ Ժընեւի մէջ սկսած է Կիպրոսի տագնապի լուծման նուիրուած բանակցութիւններու հերթական փուլը: Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսն ու «Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան» ղեկավար Մուսթաֆա Աքընճըն հանդիպում ունեցած են Ժընեւեան լիճի ափին գտնուող Մոն Փելերին քաղաքին մէջ:

Դիւանագիտական աղբիւրներու փոխանցումով, կողմերը բաւական մօտ են վերջնական համաձայնութեան մը կայացման, թէեւ ապագայ խաղաղ համաձայնագիրի շարք մը դրոյթներ կը շարունակեն լուրջ տարակարծութիւններու  առիթ հանդիսանալ: Անոնցմէ առանցքայինը կղզիի թրքական վարչակազմի հսկողութեան տակ գտնուող տարածքի յստակ սահմաններն են: Կիպրոսի յունական իշխանութիւնները կը պնդեն, որ թրքական կողմի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքը պէտք չէ գերազանցէ կղզիի ընդհանուր տարածքին 28 առ հարիւրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.